2016-04-11 10:56:00

Կարդինալ Վելիօ` Քահանայապետին Լեզվոս ճամբորդութեան մասին´ ''ոչ ըսել պատնէշներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապին, յառաջիկայ շաբաթ 16 ապրիլին, Լեզվոս կղզի կատարելիք ճամբորդութիւնը, դրական նշան մըն է, զօրակցութեան ու մօտիկութեան, պատերազմէն ու թշուառութենէն փախած յուսահատներու հանդէպ։ Այս է նշանակութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին Յունաստանի` Լեզվոս կղզիի այցելութեան'', յայտնած է  Կարդինալ Վելիօ` նախագահը գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդին, պատասխանելով Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հարցումներուն։

Քահանայապետը Լեզվոս կ´երթայ, ինչպէս նախապէս այցելեց Իտալիոյ Լամփետուզա կղզին, որովհետեւ այդ վայրը դարձաւ մարդկայնական տագնապի գործօն դիմագիծը։ Միլիոնաւոր մարդիկ, այր թէ կին, մանուկ թէ ծեր, յաճախ միայնակ, փախուստ տուած են պատերազմներէն, քաղաքական թէ կրօնական հալածանքներէն։ Անոնք պարտաւորուած են անկանոն ու ողբերգական ճամբորդութիւններ կատարել, ստոյգ մահէն փրկուելու յոյսով ու ապաստան խնդրելու բաղձանքով, կը դիմեն այդ ծովափերու` խորհրդանիշը յոյսի։ ֆրանչիսկոս Պապի ճամբորդութիւնը Լեզվոս` դրական նշան մըն է, իր մօտիկութեան, հանդէպ գաղթականներուն ու փախստականներուն եւ հրաւէր մըն է  Եւրոպային` իր ձեռքը երկարելու գաղթականներուն - ըսաւ Կարդինալ Վելիոն­, որ ապա խօսելով Լեզվոս կղզիի կացութեան մասին,  յայտնեց թէ ցամաքամասի վայրը ինքնին անբաւարար է եւ հասնողներու թիւը անհամար է ու անոնց հոսքը մշտատեւ, ի մասնաւորի Սուրիայէն, Իրաքէն, Աֆղանիստանէն ու Սոմալիայէն։

ֆրանչիսկոս Պապը հոն կ´երթայ համայն աշխարհի ուշադրութիւնը այնտեղ կեդրոնացնելու համար։ Մոռնալու չենք որ Եւրոպան կատարեալ տագնապի մէջ է, Թուրքիոյ հետ կնքած համաձայնութեամբ, ուր օրէ օր պատնէշը կը բարձրանայ ու սահմանները կը փակուին, և չեն յարգուիր գաղթականներուն, փախստականներուն ու ապաստան խնդրողներուն ամէնէն տարրական ու հիմնական իրաւունքները։

Կը գտնուինք Թուրքիա-Եւրոպա կարճատես համաձայնութեան մը առջեւ, որ արգելք է գաղթականներու հոսքին։ Եւրոպայի կառավարութիւններու գաղթականներու ի սպաս քաղաքականութիւնը կը պահանջէ հեռատեսութիւն ու միացեալ քաղաքականութիւն մը, վերջ դնելու համար միլիոնաւոր անհատներու յանձն առած այս ''յոյսի ճամբորդութեան'' պատճառներուն, որոնք յաճախ` ցաւ ի սրտի, վերջ կը գտնեն մահով։

Պապին ճամբորդութեան նպատակակէտն է  նախ եւ առաջ անձնական հանդիպում ունենալ անոնց հետ որոնք Լեզվոսի ցամաքը հասան, պահանջել գաղթականին իրաւունքի յարգանքը, ու յոյս ներշնչել` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն։

Սրբազան Պապին Լեզվոս կղզի այցելութիւնը, Կ.Պոլսոյ Պատրիարք` Բարթողոմէոսի ու Աթէնքի աւագ եպիսկոպոսապետ` Հիերոնիմոսի հետ, համամիութենական դրական ներգործութիւն մըն է, անոնք քրիստոնէական մէկ սրտով ու հոգիով կը դիմագրաւեն պարտադիր գաղթականութեան ողբերգութիւնը, ապա միասնաբար, Քրիստոսի անունով, կը կարեւորեն եղբայրական պատասխանատուութիւնը, նայելով մահէն փախուստ տուողներու աչքերուն մէջ, որոնց ճակատագիրը յաճախ կ՛ որոշուի անպատկառ համաձայնութիւններով, անտեսելով այդ ողբերգութեան ճշմարիտ դրդապատճառները։








All the contents on this site are copyrighted ©.